Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%30
yayincilarkooperatifi.com

Անկուտի Սիրահարներ

Liste Fiyatı : 69,00TL
İndirimli Fiyat : 48,30TL
Kazancınız : 20,70TL
Taksitli fiyat : 12 x 5,14TL
9786055753894
367105
Անկուտի Սիրահարներ
Անկուտի Սիրահարներ
48.30
Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։ Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ։ Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Մելինէն, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ։ Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը։ Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջին հրատարակութեան վրայէն, կէտադրական եւ ուղղագրական աննշան հպումներով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հեղինակի սկզբունքներուն։
  • Açıklama
    • Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։ Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ։ Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Մելինէն, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ։ Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը։ Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջին հրատարակութեան վրայէն, կէտադրական եւ ուղղագրական աննշան հպումներով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հեղինակի սկզբունքներուն։
      Stok Kodu
      :
      9786055753894
      Boyut
      :
      13x19,5 սմ
      Sayfa Sayısı
      :
      224 էջ
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Basım Tarihi
      :
      Մարտ 2017
      Resimleyen
      :
      Արէտ Կըճըր
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Taksit Seçenekleri
    • Diğer Kartlar
      Taksit Sayısı
      Taksit tutarı
      Genel Toplam
      3
      17,62   
      52,85   
      6
      9,30   
      55,80   
      9
      6,53   
      58,76   
      12
      5,14   
      61,70   
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat